Pages

"Literature is not an ornament, a pleasant pastime, a pretty flower. Literature is a weapon to struggle against injustice."
Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար։ Կինը եկած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար։ Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը։“

Podcast sur France Culture

Saturday, April 5, 2014

Գրական Քրոնիկ

Մեր աշխարհիկ գրականութիւնը որ գրեթէ միշտ ազդուած է ֆրանսական մատենագրութենէն, ի՞նչ չափով արդեօք հետեւած է Զօլաի և իրմէ ետքը եկող վարպետներուն: Կը տեսնենք թէ մեզմէ անոնք որ առիթը ունեցած են հետեւելու դարավերջի գրական յեղաշրջումներուն, կրցած են արտադրել ինքնուրույն և անկաշկանդ գրականութիւն մը` իրականութեամբ տրոփուն: Ընդհակարակը, տարտամ մտքերն են որ հետզհետէ օտարացած են մեր արեւոտ ու կեանքով զեղուն բարքերէն և առաջ բերած են անհարազատ ու կեղծ գրականութիւն մը ուրկէ խորապէս ազդուած են նաեւ մեր ընտանեկան սովորութիւնները, մեր ընկերային բարքերը ևն.:
Հետեւելով հանդերձ մեզմէ դուրս և մեզմէ ուժով գեղարուեստական և գրական զանազան շարժումներուն, կրնայինք` փոխանակ անկարեւոր և տժգոյն գրականութիւն մը կազմելու` մեր ուրոյն ջանքը և ինքնատիպ աշխատութիւնը բերել գրական ընդհանուր յառաջդիմութեան: - Զ. Ե.

Մասիս Թերթ, 1903.