Pages

"Literature is not an ornament, a pleasant pastime, a pretty flower. Literature is a weapon to struggle against injustice."
Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար։ Կինը եկած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար։ Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը։“

Podcast sur France Culture

Saturday, January 27, 2018

Կնոջ Մը Կեանքը

(Զապէլ Եսաեանի գրական ժառանգութեան ընդմէջէն )

Զ․ Եսայեանը մեր միակ գրագիտուհին է, որուն գործերուն մէջ տիրականը իր անձն է։ Որոնող եւ խորապէս տպաւորող մտքի տէր, իր գրական նախափորձերէն մինչեւ ամէնէն արժէքաւոր վիպակները՝ ան տեւաբար կը կատարէ փնտռտուքը իր եսին, փնտռտուքը երջանկութեան, որ զինք պիտի լիացնե ու որուն աղբիւրները իրմէ կը բխին։ Շատ կանուխէն զգացած է զօրութիւնը իր ներքին ուժերուն, լուռ եւ ինքնամփոփ՝ ականջ տուած է իր սրտի ձայնին ու արտայայտած է իր հոգեկան աշխարհը յորդ զգայութեամբ։ Իր գրութիւնները յաւերժօրէն կը պահեն կնիքը  իր տպաւորութիւններուն, մտածումներուն, բարդ եւ նուրբ զգացումներուն, յոյզերուն, երազներուն, ապրումներուն։ Իր կարեւոր գործերուն մէջ՝ գլխաւոր հերոսները միշտ առանձին ու ներամփոփ են, սակայն անոնք իրենց առանձնութիւնը կը լեցնեն իրենց հոգեկան հարուստ աշխարհին մտերմութեամբ։ Արդէն իր «Հոգիս աքսորեալ» վիպակին մէջ՝ Զ․ Եսայեան կը հաստատէ, թե իր գործերը «յիշողութեամբ ապորւմներու արտացոլումն են ․․․ առանց ինձ մեռեալ են անոնք» , իսկ «Վերջին բաժակը»ին մէջ կ՛ըսէ․ «Ես իմ սիրտս կ՛ուզեմ արտայայտել»։
Այս է ահաւասիկ Զ․ Եսայեանի գործին իւրայատուկ դրոշմը․ զեռուն սիրտ ունեցող, զօրեղ կենունակութեան տէր այս կինը կեանքի մէջ յաճախ ինքզինք բռնուած կը գտնէր զգայնութիւններու ցաւագին ցանցի մը մէջ ու կը զգար, որ ինքզինք արտայայտելը հոգեկան հրամայական պահանջ էր։ Վաւերական արժէքը իր գործին ՝ իր խուզարկու աչքերուն ներքին հայեցողութիւնն է, իր եսին անվերապահ արտայայտութիւնը իր բազմապիսի երեսներով։ Ահա այսպէա, Զ․ Եսայեանի անձն ու գործը նոյնացած են ու այդ գործին ուսումնասիրութիւնը մեղի կը ներկայացնէ կնոջ մը կեանքը, ապրւած մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն եղերական շրջանին։