(Զապէլ Եսաեանի գրական ժառանգութեան ընդմէջէն )
Զ․ Եսայեանը
մեր միակ գրագիտուհին է, որուն գործերուն մէջ տիրականը իր անձն է։ Որոնող եւ խորապէս
տպաւորող մտքի տէր, իր գրական նախափորձերէն մինչեւ ամէնէն արժէքաւոր վիպակները՝ ան
տեւաբար կը կատարէ փնտռտուքը իր եսին, փնտռտուքը երջանկութեան, որ զինք պիտի լիացնե
ու որուն աղբիւրները իրմէ կը բխին։ Շատ կանուխէն զգացած է զօրութիւնը իր ներքին ուժերուն,
լուռ եւ ինքնամփոփ՝ ականջ տուած է իր սրտի ձայնին ու արտայայտած է իր հոգեկան աշխարհը
յորդ զգայութեամբ։ Իր գրութիւնները յաւերժօրէն կը պահեն կնիքը իր տպաւորութիւններուն, մտածումներուն, բարդ եւ
նուրբ զգացումներուն, յոյզերուն, երազներուն, ապրումներուն։ Իր կարեւոր գործերուն մէջ՝
գլխաւոր հերոսները միշտ առանձին ու ներամփոփ են, սակայն անոնք իրենց առանձնութիւնը
կը լեցնեն իրենց հոգեկան հարուստ աշխարհին մտերմութեամբ։ Արդէն իր «Հոգիս աքսորեալ» վիպակին մէջ՝ Զ․ Եսայեան կը
հաստատէ, թե իր գործերը «յիշողութեամբ ապորւմներու արտացոլումն են ․․․ առանց ինձ մեռեալ
են անոնք» , իսկ «Վերջին բաժակը»ին մէջ կ՛ըսէ․ «Ես իմ սիրտս կ՛ուզեմ արտայայտել»։
Այս
է ահաւասիկ Զ․ Եսայեանի գործին իւրայատուկ դրոշմը․ զեռուն սիրտ ունեցող, զօրեղ կենունակութեան
տէր այս կինը կեանքի մէջ յաճախ ինքզինք բռնուած կը գտնէր զգայնութիւններու ցաւագին
ցանցի մը մէջ ու կը զգար, որ ինքզինք արտայայտելը հոգեկան հրամայական պահանջ էր։ Վաւերական
արժէքը իր գործին ՝ իր խուզարկու աչքերուն ներքին հայեցողութիւնն է, իր եսին անվերապահ
արտայայտութիւնը իր բազմապիսի երեսներով։ Ահա այսպէա, Զ․ Եսայեանի անձն ու գործը նոյնացած
են ու այդ գործին ուսումնասիրութիւնը մեղի կը ներկայացնէ կնոջ մը կեանքը, ապրւած մեր
նորագոյն պատմութեան ամէնէն եղերական շրջանին։
Ա․
ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ
Զ․ Եսայեան
իր մանկութեան յիշատակներու վերապրումը կ՛ընէ «Սիլիհտարի պարտէզները» հատորին մեջ։
Մանկութեան տարիներուն, իր փափուկ կազմին պատճառով՝
Զապէլ Յովհաննէսեանը եղած է յարատեւ խնամքի կարօտ։ Մինչ թաղի երեխաները ճամբարները
կամ իրենց տուներու պարտէզներուն մէջ կը խաղային, ան բազմոցին վրայ կծկուած, մինչեւ
վիզը վերմակով ծածկուծ, ապակիին մէջէն կը դիտեր դուրսի աշխարհին ու հասակակիցներուն
խօլ մրցումները։ Այս պարտադիր մեկուսացումը ինք իր մեջ ամփոփելու, երեւակայութեան անձնատուր
ըլլալու, երազելու սովորութիւնը կու տան հիւանդկախ փոքրիկին։ Ու ժամերով ան ինքզինքին
կը պատմէ պատմութիւններ, որոնց գլխավոր դերակատարը ի՛նքն է, պատմութիւններ՝ անհաւատալի
յանդգնութիւններու, սխրագործութիւններու, պատմութիւններ՝ օրուան ընթացքին իր կրած սպաւորութիւններէն հիւսուած։
Այս պատմութիւնները իրեն այնքան խոր ապրումներ կը ներշնչեն, որ յաճախ կը մոռնայ իր
շրջապատը եւ ամբողջովին կ՛իյնայ անոնց ազդեցութեան տակ․ իր երեւակայութեան ստեղծած
աշխարհը կը դառնայ իրական աշխարհը իրեն համար։
Այսպէս, զրկուծ ր հասակակիցներու մտերմութենէն, յաճախ
նաեւ տնեցիներու ներկայութենէն, որոնք կը զբաղէին եազմայի գործով եւ կ՛աշխատէին առանձին
սենեակի մը մէջ, աղջնակը փակուած կը մնար ինք իր մէջ, իր մանկական յուզումներուն եւ
յարափոփող ապրումներու աշխարհին մէջ։ «Տիրական ձայնը իմ եսիս ձայնն էր», կը գրէ ան
«Վերջին բաժակը»ին մէջ, «ու անկէ է, որ կը բխէին իմ երջանկութիւններս ու դժբախտութիւններս,
ինչպէս նաեւ իմ մէջս է միայն, որ ապաւէն եւ օգնութիւն կը գտնէի եւ իմ մէջս է, որ կ՛որոնէի
այն գանձը, որ կեանքս պիտի զարդարէր պերճանքով, լոյսով, փառքով» ։
Ֆիզիքական տառապանքը, յաճախակի գլխացաւերն ու տենդը
փոքրիկը շատ զգայուն կը դարձնեն։ Այս դիւազգածութիւնը տակաւ կը զարգացնէ իր խառնուծքին
յատուկ յորդ զգայնութիւնը։ Սենեակին ապակիին մէջէն դուրսի աշխարհը դիտող աղջկան աչքերը
կը չլանան բնութեան գեղեցկութենէն, լոյսի խաղերէն, ծաղիկներու բուրմունքէն եւ իր կրած
տպաւորութիւնները ա’յնքան ուժգին կերպով կը յուզեն զինք, որ մերթ կու լայ, մերթ կը
խնդայ ու այդ բոլոր գեղեցկութիւնները ընդգրկելու, իրը դարձնելու բուռն, այլ անզօր տենչանքը
զինք խորապէս կը վրդովէ, կը տառապեցնէ։
Բնութիւնը միշտ ալ ուժեղ կերպով պիտի ներգործէ իր
վրայ։ Տերեւներու յարաշարժը եւ կշռաւոր սօսաւիւնը սիրտը պիտի դողացնէ անպատմելի պիտի
արթնցնեն գիտակցութիւնը իր առանձին գոյութեան անսահման տիեզերքին մէջ, գարնանային երեկոներու
խռովիչ բուրմունքը, խոնաւութիւնն ու հարաւային քամիի գաղջ ալիքը, օդը յուզող եւ երբեմն
անշնչելի դարձնող «մթնոլորտային սարսուռ»ը զինք պիտի հասղնեն «բարձրագոյն գերագրգռութեան»։
Զ․ Եսայեան միակ գրագիտուհին է, որ անբաղդատելի նրբութեամբ նկարագրած է «պոլսկան տենդը»՝
ֆիզիքական յուզումը ի տես բնութեան հրաշալիքներուն։ Ինչպէս կը խոստովանի «Հոգիս աքսորեալ»ի
մէջ, «աշխարհիս վրայ ոչ մի քաղաքի մէջ թերեւս գարնան խռովքը չունի այս գերանուրբ եւ
հիւանդագին հաղորդականութիւնը մարդոց ներքին էութեան հետ»։
Փոքրիկ Զապէլը իր ապրումներուն մասին ընդհանրապէս
քար լռութիւն կը պահէ։ Այդ տարիքին անսովոր հպարտութիւն մը պատճառ կ’ւլլայ, որ իր զգացումներուն
մասին մեծերուն ոչինչ յայտնէ։ Թերեւս ալ պատճառը ղիւրազգաց խառնուածքներու յատուկ լռակեացութիւն
մըն է, իր հոգիին խորերէն բխող զգացումները իրեն պահելու միտում մը, խրտչելով շրջապատի
անհասկացողութենէն եւ մանաւանդ հեգնանքէն։
Ան շատ կանուխէն կը զգայ ծնողքին նիւթական դժվարութիւնները,
կը լսե «եազմաճի» մօրաքոյրներուն եւ «ամուճաներուն» պատմութիւնները վարպետին անասելի
խարդախութիւններուն մասին ու ծուարած իր հոգեկան աշխարհին մեջ, հետզհետէ կը զգայ խուլ
կուտակումը այն կատաղին ցասումին, որ հետագային քանիցս պիտի պոռթկայ ի տես մարդկային
ընկերութեան անարդար կարգ ու սարքին։
Բ․ ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԻՒՆ
Միշտ խնամքի կարօտ երեխան վերջապես կառողջանայ ու
տարիներու պարտադրուած անշարժութեան կը յաջորդէ խօլ շրջան մը, որ տիրական էր «կեանքը
լիուլի վայելելու մասնաւոր տրամադրութիւն մը, որ արբեցութեան մը պէս կը շլացնէր զիս
երբեմն» («Վերջին բաժակը»):
Բազմոցին անկիւնէն ազատագրուած աղջիկը անսպառ կենսունակութեամբ
կը մագլցի ծառերը, կը շուլլուի պատերու, կը ցատկէ դրացիներու պարտէզները, կը փնտռէ
իր տարեկիցնռրը եւ եռանդով կը նետուի անոնց խաղերուն մէջ։ Անսանձ ուժերու մղումով ան
մերթ աներեւակայելիօրեէն յանդուգն է,երբ
սարսափահար երեխաներու աչքին առջեւ ծաղիկներով կը զարդարէ քնացող վարժապետը եւ թաղում
կը սարքէ («Սիլիհտարի պարտէզները»), մերթ երազկոտ ու դողդոջ է (երբ մօրաքրոջը անուշահոտի
սրուակներէն սպրդող խառն բուրումներու տարտամ հոտը հոգին կը պարուրէ գերագոյն զգայնութիւններով․
բուրումները կը վերածուին տեսիլքներու եւ անորոշ երաժշտութեան մը ու ան կը տեսնէ ու
կը լսէ այսպիսի բաներ, որոնք որեւէ կապ չունին անմիջական իրականութեան հետ («Սիլիհտարի
պարտէզները»), մերթ խիզախօրեն հպարտ է (երբ կը կրէ անարդար պատիժներ ու զրկանքներ,
սակայն ո՛չ կը գանգատի մեծերուն, ոչ ալ կը դաւաճանէ խաղընկերներուն), միշտ եւ ամէնուրեք
կը բողոքէ անարդարութեան ու խտրական ոգիի դէմ, կը պաշտպանէ տկարները եւ յաճախ իր անձը
վտանգելու իսկ գնով կունենայ բուռն արտայայտութիւններ, կը կազմակերպէ ըմբոատական շարժումներ
(երբ դպրոցական շրջանին կը պոռթկայ ձրի աշակերտներու հանդէպ ցոյց տրուած վերաբերումին
դէմ, կը յարձակի աղքատիկ աղջկան մը ցուրտէն վիրաւոր մատները քանակոծող ուսուցչուհիին
վրայ, կը յափշտակէ հարուստ աղջկն կեռասները, տեսնելով քամուած ակնարկը բերնին ջուրերը
վազող աղքատ աղջկան («Սիլիհտարի պարտէզները»)
Իր հարազատներն ու ուսուցիչները չէին ըմբռներ Զապէլի
հոգին խռռովող անսանձ ուժերը եւ յաճախ զայն բուռն եւ անգութ կորակէին իր յայտնապէս
«անտրամաբանական» շարժումներուն եւ արարքներուն համար։ Սակայն ուրշներու կարծիքը ազդեցութիւն
չէր ըներ ներքին, յաճախ անգիտակից մղումներու ենթակայ աղջկան վրայ։
Պատանի Զապէլը հազիւ մէկ-երկու մտերիմներ ունէր։ Իր
կանխահաս խելացութիւնը, դատելու կարողութիւնը զինք կը մեկուսացնեն իր շրջապատէն եւ
կը զգայ, որ առանձին է։ Միւս կողմէ՝ իր մէջ եռացող բուռն զգացումները, յանկարծակի եւ
անսպասելի կերպով կը տիրապետեն սրտին եւ ան յաճախ կաիքը կը զգայ, որ առանձին է։ Միւս
կողմէ՝ իր մեջ եռացող բուռն զգացումերը, յանկարծակի եւ անսպասելի կերպով կը տիրապետեն
սրտին եւ ան յաճախ կարիքը կը զգայ մեկուսանալու եւ իր մէջ յայտնուող տարտամ, բայց յամառ
յուզումներուն հետ դէմ առ դէմ ըլլալու, անոնց էութիւնը որոշելու, հոգեկան հաշուեյարդար
ընելու։
Շատ կանուխէն ի յայտ կու գայ Զապէլի դիմադրականութեան
զօրաւոր ընդունակութւնը։ Երբ իր անհատակն մղումները արգելքներու հանդիպին, աննկուն
պայքար կը մղէ ու նահանջելը մաքէն իսկ չանցներ։ Իսկ պարտութեան պպարագային՝ իր պատեանին
մէջ չի քաշուիր, այլ անմիջապես նոր պայքարի կը ձեռնարկէ։ Կարծես պայքարիլը հոգեկան
անհրաժեշտութիւն էիրեն համար․ իր մէջ եռացող ուժերը կը կուտակուին ու կը պոռթկան բուռն
թափով։ Պայքարելու կամքը այնքան զօրաւոր է, որ նույնիսկ երբ գութի զգացումը արթննայ
մէջը, լոկ մեղմութիւն եւ վշտակցութիւն չառաջացներ, այլ տառապանքը կըլլայ այնքան խորունկ,
որ չկարենալով դիմանալ, ան կը գործէ այնպիսի արարք մը, որ արգահատելի երեւոյթը մէկ
անգամ ընդմիշտ չէզոքացնէ։
Զապէլի գործելու, ինզինք արտայայտելու ախորժակը կարելի
չէր զսպել։ Երբ պատանեկութեան շրջանին շանրօրէն կը հիւանդանայ ու ատեն մը մահուան սպառնալիքի
տակ կիյնայ, իր զօրեղ խոռնուածքը հեռու կը վանէ համակերպումի, յոյսը գերագոյն էակի
մը կապելու ենթակայութիւնը։ Ընդահակառակն, այդ օրերուն գրուած արձակ բանաստեղծութեան
մը մէջ կըսէ․
«Ո՜վ մահ, որ ծներ ես ինձ հետ, որ եղեր ես իմ երկուորեակը,
կուզեն քեզ ճանչնալ ու նայիլ քու աչքերուդ շեշտ նայուածքով։
«Մի սպառնար ինձ որպէս ինձ անծանօթ պատուհաս, դուռն
կաս, որովհետեւ ես կամ, ու առանց ինձ դու սին ստուեր մըն ես, ծիծաղելի խրտւիլակ» ։
Այս արձակ բանաստեղծութիւնը կը վերջանայ հետեւեալ
խօսքերով․
«Եւ ես կը յաղթեմ քեզ նոյնիսկ մահուանս րոպէին» ։
Գ- ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆ
Զապէլ Յյովաննէսեան կանուխէն սկսած է գրել։ Դպրոցին
մէջ հայերէն շարադրութեան ուսուցիչը զինք անընդունակ աշակերտ կորակէ։ Պատճառը այն է,
որ կեղծ ռոմանթիզմը այնքան տիրական էր այդ շրջանին Պոլսոյ մէջ, որ դպրոցկանները կանուխէն
կը մարուէին այդ ուղղութեամբ․ շարադրութեան ընթացիկ նիւթերն էին, օրինակ՝ «հիւծախտէ
բռնւած երիտասարդ մը, որ հրաժեշտ կառնէ կեանքէն», կամ «ողբ՝ վաղամեռիկ աղջկայ մը մասին»։
Այս լալկան ռոմանթիզմը չէր ազդեր Զապէլ Յովաննէսեանի վրայ եւ ան «հետեւողական դիմադրութիւն»
ցոյց կու տար։
Զապէլ անխոնջ կարդացող էր։ Կը կարդար հայերէն եւ ֆրանսերէն
հին եւ նոր գրականութիւն։ Մտաւորական ձգտումներ ունեցող ընկերուհիներուն հետ անյագօրէն
կը կարդար մանաւանդ Տիկ․ Տիւսաբի գիրքերը եւ պայքար կը մղէր այն արգելքներուն դէմ,
յետամնաց մտայնութեամբ քաղքենի հասարակութիւնը ճնշիչ կերպով կը դնէր ամէնուն վրայ։ Պայքար կը մղէր կեղծիքի
եւ քծինքի դէմ, խաբէութեան եւ սուտի դէմ, «չափւած ձեւուած» բարոյականութեան դէմ, «օրհնեալ
տարազով» (հարուստ) բարձր դասակարգին (ամիրայական ընտանիքներու մնացորդներուն եւ սեղանաորներուն) շռայլուած մեծարարքին
դէմ եւ կը պահանջէր, որ մարդիկ ըլլան ինքնաբուխ, սրտաբաց, կարեկից ու մարդկային վերաբերում
ցոյց տան իրարու հանդէպ։
Իր առաջին գրութիւնները Ա․ Չօպանեանի «Ծաղիկ»ին մէջ
այնքան հետաքրքրութիւն ստեղծեցին, ներքին զգացումներու թելադրանքով յառաչացող գրիչը
այնքան թարմութիւն բերաւ, դեռատի աղջկան հոգեկան փոթորիկէն ժայթքող «շատրուանը յուզմունքի
եւ գեղեցկութեան» այնքան ակնբախ էր, որ իսկոյն մամուլի միջոցով հանդգնակութիւն կազմակերպւեցաւ
եւ Սէլամսըզ, Սկիւտար ծնած բանուորի աղջիկը ճամբայ ելաւ դէպի Փարիզ, Սորպոնի գրական
դասընթացքներուն հետեւելու եւ բնատուր ձիրքերը զարգացնելու համար։
Երբ տասնեօթ տարեկան Զապել Յովհաննէսեանը Փարիզ ոտք
դրաւ, իր իսկ բնորոշումով, հետեւեալ հոգեվիճակը ունէր․ «Իմ ախորժակըս մեծ էր, ձգտումներս
բազմազան եւ իմ լարուած էութիւնս առիթ կը փնտռէր ինքզինքը արտայայտելու շռայլութեամբ
եւ հրայրքով» («Սիլիհտարի պարտէզները»)։
Դարավերջի Փարիզի հայ ուսանողութիւնը, - ինչպէս կը
նկարագրէ «Կեղծ հանճարներ»ուն մէջ,- աննկարագրելի թշուառութեան մէջ կապրէր։ Շատեր յուսահատած էին, ոմանք հակասական եւ կցկտուր
հոգեվիճակներու մէջ կը տապլտկէին, ոմանք հիւանդագին մեծամոլութենէ կը տառապէին, սակայն
յաճախակի անկարողութիւնը իրենց թռիչքը տակաւ կը կասեցնէր ու թեւերը կը խորտակէր, ոմանք
այնքան անօթի էին, որ կը մղւէին գողութիւն ընելու կամ նուաստացուցիչ առաջարկներ ընդունելու,
սակայն կային քիչեր ալ, որ կը յամառէին մաքառիլ մեծ քաղաքի անստուգութեան դէմ։ Այդ
քիչերէն եղաւ Զապէլ Յյովհաննէսեանը։
Այս զրկանքներով լեցուն շրջանին իր փրկութեան լաստը
եղաւ գրականութեան նուիրումը, ինչպէս նաեւ արժանապատուութեան գիտակցութիւնը, ներքին
մեծ հպարտութիւնը։ Կարիքը Զապէլի հոգին կը լեցնէր անհանդուրժելի անձկութեամբ, քանի
որ աղքատութիւնը հաւասար էր տկարութեան, անկարողութեան, եւ մարդիկ իրենք իրենց իրաւունք
կու տային չքաւորին վրայէն կոխել անցնելու։ Սակայն պայքարելու ընդունակ երիտասարդուհին
տոկաց ու ոչ միայն մնաց կանգուն ի գին մեծ զոհողութիւններու, այկեւ հակառակ շրջապատի
անտարբերութեան, յամառեցաւ գրիչը ձեռքը պահել։
Այդ օրերուն մասին կը գրէ․ «Մենք մեր սրտերուն, մեր
կեանքին մսխումովը սպառեցանք, մեծ-մեծ երազներ մեզ գինովցուցին, մեզ խանդավառեցին ու
ես իսկ շատ անգամ գեղեցիկ պատրանքներով խաբուեցայ» («Կեղծ հանճարներ»)։
Այդ պատրանքներէն մէկը եղաւ իր ամուսնութիւնը նկարիչ
Տիգրան Եսայեանի հետ։ Այս ամուսնութիւնը «ժամանակաւոր կայծկլտում» մըն էր, անմիջական
տպաւորութեան մը արդիւնքը։ Սէրը իրեն համար աստիճանական կուտակումը մըն էր հրայրքներու,
երազներու, գորովանքի, մինչեւ լրումի գագայթը՝ գերագոյն պահ մը, ուրկէ ետք կայ աստիճանական
գունաթափումը զգացումներուն։ Սէրն ու մայրութիւնը րկրցան բերել իրեն այն քաղցր անդորրութիւնն
ու հոգեկան ներդաշնակութիւնը, որ կը լեցեն կիներու մեծամասնութեան սրտերը բերկրանքով
ու բարւթեամբ։ Ինչպէս կը գրէ «Հոգիս աքսիրեալ»ին մէջ․ «Ամէն բան կանցնի, ամէն բան կը
մարի, ու մեր փոխադարձ զգացումներն ալչէին կարող իրենց վախճանին չի հասնիլ։ Ո՞վ էր
յանցւոր։ Ոչ ես եւ ոչ ինքը ապահովաբար․․․
»։
Ամուսնութեան ձախողութեան պատճառներէն պէտք է նկարել
նաեւ նիւթական դժուարութիւնները, թշուառութիւնը, անստուգութիւնը, անձկութեամբ լեցուն
օրերը։ Միւս կողմէ՝ Զապէլի հզօր անհատականութիւնը ենթակայութիւն չէր կրնար ճանչնալ։
Ինչպէս կը տեսնենք «Մելիհա Նուրի հանըմ»ին
եւ «Քողը»ին մէջ, ան նոյնիսկ արհամարհանք ունի այն կինուրուն հանդէպ, որոնց
կեանքի գերագոյն նպատակն ու երջանկութիւնը իրենց գլխուն վերեւ այր մը ունենալուն մէջ
կը կայանայ, մանաւանդ՝ սր այրերը իրեն համար «անմիտ եւ անգիտակ են խենթերու եւ մանուկներու
նման․․․ կը խոնարհին ու կը սմքին այն վայրկեաններուն, ուր պետք էր որ խրոխտութեամբ
բռնանային եւ կը ցրտանային այն ժամերուն, երբ պէտք էր որ մեղմանային վստահութիւն յայտող
հաղորդականութեամբ մը» («Անձկութեան ժամեր»)։
Զապէլ կը հաւատար, որ կինը պէտք է կարենայ ինքզինք
բաւարարել, կատարելապէս ինքնաբաւ ըլլալ եւ ոչ թէ ենթակայ ուրիշի մը։ Կին մը կը դադրի կրաւորական ստրուկ ըլլայէ,
կը ներկայանայ իբրեւ արժանապատւութեան տէր գիտակից ու ազատ անհատ մը, երբ իր երջանկութիւնը
կ’որոնէ իր սեփական ուժերով եւ իրմէ բխող միջոցներով։ «Վերջին բաժակը»ին մէջ կը մանրամասնէ․
«Ես կը սիրեմ եւ կ’ամփոփուիմ իմ զգացումիս մէջ, ինչպէս թրթուրը իր հիւսած բոժոժին մէջ
եւ կը պարուրուիմ անով։ Անիկա կը դառնայ իմ նոր աշխարհս, իմ նոր օրէնքս ու երջանկութիւնս
կը քաղեմ իմ խարքերէս։ Իմ հոգիիս մէջ է, որ կը բխին անոր վճիտ աղբիւները, իմ հոգիիս
մէջ է որ կը ծաղկին անոր գեղեցկագոյն ծաղիկները․․․։ Եւ ինչ որ զիս ամէնէն աւելի կը
սքանչացնէ, այն ամէն պահու նոր եւ թանկագին զգայնութիւններս են, որ կը գտնեմ ինքզինքիս
մէջ »։
Զապէլի ապրած կեանքը ցոյց կու տայ, որ սէրը իրեն համար
գեղեցյութիւն եւ արբեցեւմ հաւաքել է եւ անհրաժեշտ է այնքան, որքան մեղուին ծաղկէ ծաղիկ
թռչկոտիլն ու նեկտար հաւաքելը։ Զապէլի հոգին ծարահը ունէր մեծ զգացումներու, մեծ յուզումներու,
մեծ խանդավառութիւններու, մեծ զոհողութիւններու, մեծ տառապանքներու։ Այս հոգեվիճակը
պատճառ եղաւ, որ սիրտը թափառի մէկէն միւսը, առանց կարենալ մէկու մը վրայ երկար ատեն
կեդրոնանալու։ Մէկը իր աշադրութիւնը գրաւեց իր տաղանդով, մէկը՝ իր հոգիի գեղեցկութեամբ,
մէկը՝ ուշագաւ յայտարարութեամբ մը, մէկն ալ իր տառապելու կարողութեամբ եւ ասոնք աղբիւր
դարձան մեծ յուզումներու, բուռն զգացումներու, գորովանքի եւ երբեմն ալ տառապանքի։
Իր սէրերը յաճախ ռոմանթիք բնոյթ ունին․ ինք կը կաղապարէ
ու կը ձեւաւորէ իր սիրած անհատները՝ իր ներքին էութեան յատուկ օրէնքներով։ Ինչպէս կը
բացատրէ «Վերջին բաժակը»ին մէջ․ «Ես իմ մէջէս կը քաշէի այն յատկութիւնները, որոմցմով
կը զարդարէի այս կամ այն անձը․ ես կը կազմէի իտէալ մը եւ կը հիանայի իմ կազմած եւ զարդարած
տիպարիս վրայ․ ինքնախաբէութիւնը այնքան կատարեալ կ’ըլլար, որ առաջին օրերը բոլորովին
անձնատուր կըլլայի ուրախութեանս, կարծես կեանքս կը լուսաւորուէր իր սեփական արեւով,
բայց այդ բոլոր պատրանք․․․ եւ յուսախաբութիւնը չէր ուշանար, եւ, այն մարդը, որ կը կարծէի
սիրել կը ներկայանար ոչ թէ այնպէս, ինչպէս որ կը տեսնէի, այլ այնպէս, ինչպէս որ էր
իրապէս »։
Գրեթէ իր բոլոր կարեւոր գործերուն մէջ՝ Զ․ Եսայեան
կը շեշտէ ենթակայութիւն իր ներքին մղումներուն։ «Անձկութեան ժամեր»ուն մէջ կը գրէ․
«Սարսափելի եւ խիստ օրէնք մը կայ իմ էութեանս մէջ, որուն ենթարկւած եմ բոլորովին, երբ
որեւէ զգացում կամ մտածում նոյնիսկ երբ սրնթաց արագութեամբ մը կ’անցնի իմ մէջէս, զիս
իր հետեւանքներուն գերին կը դարձնէ, այլեւս ստիպուած եմ անոր վճռական արդիւնքին հպատակիլ,
ես այլեւս կարող չեմ անոր լուծէն ազատիլ, լաւ թէ գէշ բանի համար»։
Ահա այս յորդ զգայնութիւնն էր պատճառը, որ Զ․ Եսայեան
յեղյեղուկ եղաւ եղաւ անձնական կեանքի մէջ։ Ան իր ներքին էութեան օրենքներուն հետեւելով՝
ուզոց ազատ ըլլալ, սակայն այդ օրէնքները այնքան յարափոփոխ էին, («ինծի համար, որուն
հոգին պատրաստ էր ալեկոծուելու ամենադոյզն քամիէն»։ «Վերջին բաժակը»), որ երբեք յարատեւութիւն
եւ կայունութիւն չգտաւ։ Յորդ զգայութիւնը հարուստ ներաշխարհ մը պարգեւեց Զ․ Եսայեանի
իբրեւ գրագիտուհի, սակայն իբրեւ կին՝ ան նմանեցաւ ջրապտոյտներով եւ ջրվէժներով գետի
մը, որ կը վազէ ըբոստ, խելառ թափով։ Կամքը, ողջամտութիւնը անզօր էին հոգին ալեկոծող
զգացումներուն վրայ իշխելու։ Հոգին ունէր իր առանձին եւ մեզի անծանոթ օրէնքները։ Անիկա
անծայրածիր ծով մըն է, որուն ափունքները չենք տեսներ երբեք եւ որուն փոթորիկները եւ
խաղաղութիւնները կը կրենք ու կը վայելենք առանց գիտնալու յաճախ, թէ ինչու՞ եւ ինչէ՞ս»
(«Վերջին բաժակը») իր հոգիին այս «առանձին» եւ «անծանօթ» օրէնքները վարեցին իր կեանքը
եւ ան ճանչցաւ մարդկային զգացումներու ամենաբարձր եւ զանազան յուզումները։
Բարեյախօսներ խստիւ պիտի դատապարտեն Զ․ Եսայեանի բարեբախտ
ու դժբախտ սէրերը։ Սակայն ամէն մեղադրանք ի զուր է, որովհետեւ ան միշտ պայքարած է ընկերութեան
պարտադրած «կեղծ դաստիարակութեան պատեան»ին դէմ, հեգնած է բոլոր անոնց, որոնք ուրիշներու
կարծիքով գեղեցիկ նկատուած դեր մը ստանձած են կեանքի մէջ, արգահատած է անոնց վրայ,
արանց հոգին կաշկանդուած, խողդուած է իր առաջին խլրտումին մէջ իսկ եւ ապա գոյութիւնը
ձեւով մը քարշ տուած է փոխ առնուած զգացումներով, փոխ առնուած սկուզբունքներով։ Ասոնք
մարդկային երեւոյթներ են պարզապէս, մինչդեռ ճշմարիտ մարդիկը պէտք է ապրին իրենց անդիմադրելի
դրդումներուն հպատակելով։ Այս իսկ պատճառով, Զ․ Եսայեան կը հաւատայ, որ մարդիկ իրար
պէտք չէ դատեն, այլ պէտք է ըլլան անկեծօրեն եւ անսահմանօրեն ներողամիտ իրարու նկատմամբ։
Ինչպէ՞ս կարելի է դատել, երբ «մարդս ճակատագրական կերպով» ենթակայ է մեղքերու, երբ
հոգին կգալարուի ցանկութիւններով, ամօթով,
զզուանքով, երբ կը զգայ բուռն թափը կիրքերու, սէրերու եւ ատելութիւններու, երբ մշտտջենական
անհանդարտութիւն մը անկայունութիւն կը ստեղծէ, երբ մեծ ուարխութիւններ եւ մեծ դժբախտութիւններ
կը դղրդեն հեգին, երբ կը ճատաչայ տառապանքի ու ցաւի ահաւոր մղձաւանջը, ինչպէս նաեւ
անհաշիւ եւ վայրենի հրայրքը սիրոյ՝ մինչեւ անէացումը չափի եւ միջոցի սահմաններուն։
«Վերջին բաժակը»ին մէջ, Զ․ Եսայեան բուռն կերպով կը
պախարակէ ուրիշը դատապարտողները եւ կ’եզրակացնէ․ «Ես համոզուած եմ որ ամէն մարդկային
հոգի, եթէ ոչ նման, գոոնէ համարժէք բարդութիւններ ու փոթորիկներ ունեցած է։ Բայց տարբերութիւնը
այն է, որ ամէն մարդ կամ ամէն կին չի ճանչնար իր հոգին, յստակ կերպով չ’անդրադառնար
անոր բաղձանքներուն եւ առանձին օրէնքներուն եւ կոյր՝ ինքզինքին համար, աններող եւ խիստ
է ուրիշներուն նկատմամբ»։
Իր կեանքի ուղիին մասին Զ․ Եսայեան անվերապահ կը յայտարարէ․
«Կը տեսնէի այն կինը, որուն սկզբունքը գոյութիւն ունէր իմ էութեանս տարրերուն մէջ,
շքեղ ու զօրավոր, կրակի պէս սաստիկ ու փոթորիկի մը պէս մրրկող, որուն հոգեկան ուժին
փարթամութիւնը զարմացում եւ հիացաում պիտի պատճառէր»։
Իսկ «Վերջին բաժակիը»ին մէջ կ’ընդունի, որ կեանքի
պայմանագրական եզրերը իրեն համար գոյութիւն չունին․ «Իմ կենսուրախ եւ հարուստ անհատականութիւնս
երբեմն դժկամակութեամբ կը սահմանափակուէր եւ ժայթքումներու, ոստումներու աննպատակ բաղձանքներ
երազանքի մէջ կը պահէն զիս․․․։ ․․․ Տափակ ու միօրինակ կեանքը, առանց յուզւոմի եւ առանց
ելեւէջի անապատի պէս ամուլ եւ ձանձրացուցիչ կը թուէր ինծի»։
Սակայն Զ․ Եսայեանի փոթորկալից կեանքը երբեք գռեհկութեան
չյանգեցաւ։ Շնորհիւ գեղեցիկը տեսնելու «բնական տրամադրութեան», հոգեկան անսովոր յանդգնութեան,
հպարտութեան, («ես կանգուն եւ հպարտ անցեր էր կեանքի բոլոր դերբուկներէն։ Գետնաքարշ
նուաստութիւնը չէր խոնարհած երբեք իմ գլուխս» «Վերջին բաժակը»)։ Իր «սայթաքումներն»
անգամ բարձրացան հասակէն վեր եւ իրեն համար դարձան «հրաշագեղ երազներ», երբ իր հոգին
ազատեցաւ առօրեային միօրինակութենէն եւ ջերմացաւ իր իսկ ստեղծած հրայրքներով, տեսիլքներով,
իր էութեան խորքորուն մէջ հիւսուած ապրումներով։ «Ես իմ հոգւոյս մէջ որոնեցի եւ գտայ
այն գոհարները, որոնցմով զարդարուեցաւ կեանքս, եւ քանիղց յաղթանակեցի ժամանակին եւ
միջոցին, քանի որ պահեր եղան, ցաւի կամ ուրախութեան պահեր, որոնց միջոցին հոգիիս թեւաբախումները
զգացի յաւիտենականութեան մէջ» («Վերջին բաժակը») ։
Զ․ Եսայեանի համար մարդիկ ո՛չ միայն խաղալիք են իրենց
ներքին կիրքերուն, հզօր ու հակասական զգացումներուն, այլեւ անողոք ճակատագրականութեան
մը։ Ինչպէս «Վերջին բաժակը»ին մէջ կը հաստանէ․ «Երբ լաւ կամ գէշ վճռական բան մը պիտի
պատահի մեր կեանքին մէջ, կարծես անիկա նախասահմանեալ մըն է ու ամէն ինչ, նոյնիսկ աննշան
դիպուածը, օտար պատահարները կը միանան, կը հանդիպին իրարու եւ կը նպաստեն անոր յառաջ
գալուն»։
Զ․ Եսայենանի վէպերուն հերոսուհիները զոհեր են անողոք
ճակատագրականութեան։ Կեանքի այս անիմանալի օրէնքը սիրողները իրարմէ կը բաժանէ ու պատրանաթափ
կ’ընէ։ Իր բոլոր հերոսուհիներն ալ տուեալները ունին երջանկութիւն գտնելու, սակայն փոխնակ
իրենց ունեցածը նուիրաբերելու, միշտ պահանջկոտ են, միշտ դժգոհ, միշտ կ’արհամարհեն իրենց
սպասող երջանկութիւն եւ կը ձգտին հասնիլ հոն, ուր միայն հիասթափութիւն պիտի գտնեն։
Երբ անոնք վերջապէս կը սթափին եւ կ’ուզեն ետ դառնալ իրենց բռնած սխալ ուղիէն, ցաւով
կ’անրադառնան, որ այլեւս կարելի չէ կեանքը վերսկսիլ։ Այսպէս ալ պիտի ըլլար իր՝ Զապել
Եսայեանի կեանքը, ինչպէս տեսնենք իր յաջորդական փուլերուն մէջ։
ՍՈՆԱ ԶԷՅԹԼԵԱՆ
No comments:
Post a Comment