Pages

"Literature is not an ornament, a pleasant pastime, a pretty flower. Literature is a weapon to struggle against injustice."
Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար։ Կինը եկած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար։ Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը։“

Podcast sur France Culture

Saturday, June 9, 2018

Զապէլ Եսայեանի «Արգելքը»



Հոս կ’ուզենք անդրադառնալ «Արգելքը» խորագրեալ այն գործին, որ 1922 թուականին, սաղմնային ձեւի մը ներքեւ, Եսայեան կը հրատարակէ Վիեննա եւ ապա Պերլին տպուող «Արեգ»ին մէջ։ Այս աոաջին մակարդակին, վէպը կը կրէ «Հանգրուանը» խորագիրը :
«Արգելքը», քիչ ծանօթ եւ քիչ կարդացուած, հոգեբանական պատկերումն է հետաքրքրական ու կենդանի կին տիպարի մը՝ Սաթիկին։ Վէպը Սաթիկի հոգեկանի փոփոխման պատմութիւնն է առաւել։ Եսայեան Սաթիկի գիւտը կ’ընէր իր իսկ հոգիին ամէնէն գաղտնի ծալքերէն ներս։ Եւ սէրը, կրկին, կը թուի ըլլալ հեղինակի վիպական կառոյց-միջավայրին սկզբնատարրը, հէնքը։ Սէրը, անընդհատ ընկալուող իբր գերագոյնը արժէքներէն, բա¬րոյականներուն ամէնէն ցանկալին ու գեղեցիկն է, որուն կը ձգտի ոեւէ ապրող, շնչող էակ։
«Արգելքը» կը պատմէ Սաթիկի սէրերը։ Զուգահեռաբար, եւ ըստ մեր անձնական ընկալման անիկա կը գծէ վիպական կարելի ստեզծագործութեան մը ուղին, Եսայանի համաձայն եւ եսայեանական շեշտ հասկացողութեամբ։ Սաթիկ (թէ՞ Եսայեան Զապէլ), իր իսկ պատմումով, կ՛ապրի հոգե-բնազանցական յեղաշրջում մը։ Հերոսուհին, 228 վիպային էջերու ընթացքին, ցասումի եւ երջանկութեան խառն ու զօրաւոր զգացմամբ մը, պիտի՛ յամառօրէն փնտռէ, իր ընդերքէն ու նաեւ դուրսի իրականութենէն գողնայ, խլէ, ստանձնէ՛ իր անհատականութիւնը, պատկե՛րը։

Միաժամանակ, Սաթիկ չի կրնար ապրիլ սէրը ու չվերադառնալ իր գոյութեան այն բացառիկ եզրին, որ է ըլլալ կին-գրող Զապէլ Եսայեանի բազմազան ու հարուստ պատկերի մէկ ցանկացուած, իրաւ, խօսուն կարե­լիության նոյնքան բացառիկ արտայայտութիւնը, ձեւը։



***
Ի՞նչ կ’ըսէ «Արգելքը»։ Հերոսուհին, «քաղցր եւ սիրելի կին, հոմանուհին է Բաքուցի երիտասարդ երկրաչափ Գարեգինի, ամուսնացած եւ փոքրիկ Արմիկի մը հայր։ Սաթիկ ճամբայ կ’ելլէ Թիֆլիսէն, Բաքուի մէջ հանդիպելու իր բարեկամին։ Ստեփան գաղտնի կը սիրէ աղջիկը, Գարեգինի կինը, մեծահարուստ Նաթալիան, արգելք կը հանդիսանայ սիրահարներու միացման, ցանկութեան։ Վէպի աստիճանական զարգացումը պիտի մղէ հերոսուհին գտնելու իսկական սէրը, յանձին Ստեփանի։ Բայց Ստեփան կը նահատակուի, յեղափոխական գործի ընթացքին, առանց երբեք հասնելու իր պաշտած կնոջ սիրոյն։ Սաթիկ վերջնականապէս կը մերժէ Գարեգինը, որ դարձած է արգելքը ինք։
«Արգելքը ունի հոգեվերլուծական հատու ըմբռնողութիւն: Ամբողջ վէպը կարելի է կարդալ իբր Եսայեան - Սաթիկ տիպարի կողմէ ներքնապէս ապրուած « գաղտնի արար» ի մը լեզուական մէկ բեմադրութիւնը: Վէպի բեմադրած եւ իրենց ուժականութեամբ յատկանշուող երկխօսութիւնները, շեշտօրէն գրական պճնանքով մը ջնարակուած, հոգիներու psychiatrique ընթերցման մը տարածքը կը կազմեն անխտիր: Գրագիտուհին, անգամ մը եւս, եւ որքա՜ն պարծանքով, լայն կը բանայ ու կը պեղէ անծայրածիր ներաշխարհներու ներիմացական ու ինքնագոյ « գիտութիւն »ը: Բնականաբար, գրութեանմղողը միշտ ալ ֆանթազմն է, գոյացող ու ապրող այս կենդանի տարրը , որ գրեթէ կրօնական գունաւորում մը կ’ունենայ հոս, իտէալկանի ու սեռայինի հանդիպման դժուար, չըսելու համար անկարելի, կէտին: 


Վէպի գլխաւոր հերոսներուն բաշխումը մէջտեղ կը բերէ ա’յն՝ որ կարելի է կոչել «ցանկութեան եռանկիւն մը » (triangle du désir): Եռանկիւնի ստեղծած խաղը պիտի յարաբերաբար զարգանայ, հոգեկան թէ ընկերա-քաղաքական տուեալներու յոգնակի ազդեցութեան ներքեւ: Գարեգին, սկզբնական շրջանին, գրական առումով դերակատար է, ապա՝ դանդաղ կը վերածուի «արգելքի», այսինքն՝ ժխտական իրականութեան: «...Բայց եւ առանց արգելքին խաղը գոյութիւն չունի… »: Կարելի է այս գծով արդէն անդրադառնալ վէպի առաջարկած հետաքրքրական, իր ժամանակաշրջանին համար նոր,կառոյցին, որ կը զարգանայ յետադարձ- ակնարկի (flash- back) վիպական թեքնիքին համեմատ ու հոյակապօրէն կը բեմադրէ հերոսներու հոգե-բնազանցական խաղընթացք-յեղաշրջումը: Վէպը, իբր կառոյց նաեւ, չի կրնար գոյութիւն ունենալ առանց այդ «արգելքի» ին, որ մղիչ ազդակ է, ուժական այն հանգոյցն է ( Եսայեան կը խօսի Սաթիկի «կնճիռ»ի մասին), որուն շուրջ, բազմաձայն խօսակցութեան մը ձեւով, անիկա կ’ընթանայ ու կը զարգանայ: 


*** 


Փորձենք խորանալ մեր վերլուծման մէջ: Սաթիկ այստեղ ցանկացող - ենթական է, որ միշտ մէկու մը կը ձգտի: Այս ձգտում - ցանկութիւնը կը ստեղծէ, ինչպէս կ’ըսէինք, եռանկիւն մը՝ քանի որ հոն ցանկութիւնը մի’շտ կ’ենթադրէ երրորդ մը: Ցանկացուած առարկան իսկ անկարեւոր է վերջ ի վերջոյ. անիկա արժէք ունի այն չափով միայն, որ բացակա է, արգիլուած: Հերոսուհին՝ Սաթիկ, անդադար կը ձգտի հաճոյքին, բայց չի կրնար խուլ մնալ իրականութեան սկզբունքի ձայնին: Արգելքը չի դադրիր ըլլալէ երբեք, որովհետեւ հաճոյքն իսկ, իսկական վայելքը մը կարելի երազը, կապւած է ուղղակիօրէն առաջինի գոյութեան: Այս մակարդակին վրայ, լեզուն, վիպական խօսքը միայն, կը ստանձնէ երեւակայուածը, ցանկացուածը, որ առաջին ֆանթազմն էր: Սոսկ հոգեվերլուծական գետնի վրայ, Սաթիկ իր սէրն ու իգականութիւնը կը ստաննձնէ ա՛յն վայրկեանին, երբ կը յաջողի քանդել Գարեգինի հետ նախապէս ապրուած իր հոգեբանական նոյնացումը (identification): 

Ստեփան, իբր եռանկիւնի դրական կերպար, շատ լաւ գիտէ, թէ Սաթիկի եւ Գարեգինի միջեւ եղածն իսկ «մի դժբախտ թիւրիմացութիւն է… եթե այդ արգելքը չլիներ, նրանք վաղուց կ’անդրադառնային. յամենայնդեպս Սաթենիկ կը հասկնար: Նա իր ցանկութեան համեմատ մի բարոյական պատկեր է կազմել Գարեգինից եւ նա սիրում է իր ստեղծածմարդուն: Եթե այդ արգելքը չլինէր, նա շուտով կը հասկնար տարբերութիւնը իր երեւակայած մարդուն եւ իրականին…բայց ամէնանգամ , որ իր հոգին էր վիրաւորւում, ամէն անգամ, որ նրան զգում էր օտար բոլոր մեղքը բարդում էր արգելքի դէմ, նրանք պայքարում էին արգելքի համար եւ այդ մի տեսակնպատակ եւ հաստատութիւն տալիս էր իրենց զգացումներին: Բայց Գարեգին երբեք չի յաջողի յաղթել» («Զարթօնք»ի թերթօն թիւ 50, էջ 161-162 ): 


Վերադառնանք ցանկութեան մեր եռանկիւնին, որ կը բանայ Սաթիկի «պատմութեան հիւսկէնին բոլոր վէրքերը»: Ցանկութիւնը երբեք չե՛ տուեալ, ան աշխարհի ամէնէն յարափոփոխ ու եռուն «խաղ»ն է, յարատեւ բաց ու շարժական: Այն վայրն է, ուր պիտի ապաստանի հերոսուհին, կի’նը, իր փնտռտուքի ընթացքին: Սաթիկ կը փնտռէր սէրը, որ արժէքն է, եւ իր հէնքը բնազանցական է կրօնա- բարոյական: Կարծես, ցանկութեան մը պարագային, արգելքի վերացումը կը խանգարէ, կ’ազատէ, «բնական» յառաջխաղացքը անոր: Արգելքի վերացումը, իբր՝ հոգեվերլուծական տուեալ, Սաթիկի համար մահը լոկ կ’ենթադրէ («… Սա մարդկային օրէնքներով յառաջ եկած արգելք չէ ...»: Ցանկութիւնը կ’ըլլայ բարոյական մաքրակրօնութեան տանող զարտուղի, բայց վաւերատիպ ճամբայ: Վէպի տարածքին, աշխարհագրական իմաստով, այս հերոսուհին ճամբան կը համապատասխանէ ա’յն երթուղիին, որ Թիֆլիսը կը բաժնէ Բաքուէն եւ, մա’նաւանդ՝ Բաքուն կը միացնէ( վերադարձի ճամբով) Թիֆլիսին: 


Զարմանալի չէ եթե Սաթիկ յաճախ իր ընթերցողին ներկայանայ masochisisteի մը նկարագրային տիպին ներքեւ:Հերոսուհիի փնտռտուքին ելքը որքա՞ն կարելի է իսկապէս: Սաթիկ, ճշմարտութեան մը առընթեր, անպայման կը փնտռէ «անհրաժեշտ արտաքին ուժ մը, որ զինքը խլէր այդ կնճիռէնեւ տանէր հեռուն՝ առանց ետեւ դառնալու ...», իշխող մը , մէկ խոսքով, որուն անպայման պէտք է հպատակիլ («կը զգայ, որ ան է տէրը ու ինքը պիտի հնազանդի անոր հլու խոնարհ ամէն բանի մէջ եւ ամենուրեք. կը զգայ նաեւ, որ գիտակցաբար թե անգիտակցաբար իր բոլոր ուրախութիւնը պիտի կայանայ այլեւս գուշակելու եւ իրականացնելու նոյնիսկ անոր չարտայայտած բաղձանքներն ...»: Այդ իշխողը միայն Ստեփանը կրնար ըլլալ, քանի որ ան է ամէնէն մօտիկը ու ներկայացուցիչ դէմքը Իտէալին: 

Բնական է, որ Սաթիկի համար, իրականութեան զգացողութիւնը աստիճանաբար տկարանայ եւ իյնայ, տեղ տալով երեւակայականին: Երեւակայականը կը յաղթանակէ մա’նավանդ վէպի վերջաւորութեան, ո’չ միայն հոգեբանական ներքին մակարդաակին վրայ, այլեւ՝ գաղափարական ուղղութեամբ, երբ Իտէալիզմը կը փառաբանուի յանձին յեղափոխական Ստեփանի: Գարեգինի հետ կը խարխափէ ու կ’ընկղմի քաղքենի կեղծիքի աշխարհը, թէեւ նոյնպէս ատակ սիրոյ ուժեղ ընկալման: Սաթիկ- Գարեգին- Ստեփան յարաբերութիւններու մէջ կարելի էր ուրեմն կարդալ իշխողի եւ իշխւողի հեկէլեան տրամաբանութիւնը: 


Վերջացնելու համար, Սաթիկը չի սիրեր հանգիստը. ան հմայուած է միշտ աւելիով մը, որ փոփոխութիւնը իր մէջ կրէ: Հերոսուհիի անձկոտ ճանապարհը մագլցում է սակայն դէպի կատարեալն ու բացարձակը, կամ՝կիրքերէ զերծ այն նուրբ ու բազմամակարդակ վիճակը, որ ուղղակի կը վերաբերի «Արգելքը» վէպի վերջին յայտնութեան. «Այն ատեն Սաթենիկ զգաց, որ ուժովը իր տառապանքին եւ զօրութիւնովը իր սիրոյն, գերագոյն սարսուռով մը հաղորդակցութեան կը մտնէր տիեզերական խորհուրդի մը հետ. Խաղաղութիւնը համակեց իր հոգին լռեցնելով իր ներքին էութեան բոլոր ձայները եւ մարելով բոլոր փայլատակող լոյսերը ...» (Արգելքը), էջ 221): Ահա թէ ինչու, «խանգարել զայն իր հոգեզմայլութենէն», կը թուի ըլլալ «մի տեսակ սրբապղծութիւն»: 

Այստեղ միայն Սաթիկ կը հագնի ցանկացուած տարազը զինք ստեղծողին, վիպասանուհի Զապէլ Եսայեանին: Վէպի եզրափակումը, փաստօրէն, կը վերացնէ «արգելք»ը, քանի որ կու տայ այնքա՜ն մօտիկ պատկերը վիպասանուհիին կողմէ իսկ անդադար երեւակայուած, կորսուած ու գտնւած կնոջական իտէալ իղձ-պատկերին: Հերոսուհին ա’լ կը մեռնի որպէսզի միւսը ծնի խօսքը եւ ստանձնէ’ իր ճակտի գիրը: 


ՇՈւՇԻԿ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ - 18 Մարտ 1981
(Աղբիւր` Բագին, թիւ 4, Ապրիլ 1981)

Արգելքը, կարդալ այստեղ





No comments:

Post a Comment