Հոս կ’ուզենք անդրադառնալ «Արգելքը» խորագրեալ այն գործին, որ 1922 թուականին, սաղմնային ձեւի մը ներքեւ, Եսայեան կը հրատարակէ Վիեննա եւ ապա Պերլին տպուող «Արեգ»ին մէջ։ Այս աոաջին մակարդակին, վէպը կը կրէ «Հանգրուանը» խորագիրը :
«Արգելքը», քիչ ծանօթ եւ քիչ կարդացուած, հոգեբանական պատկերումն է հետաքրքրական ու կենդանի կին տիպարի մը՝ Սաթիկին։ Վէպը Սաթիկի հոգեկանի փոփոխման պատմութիւնն է առաւել։ Եսայեան Սաթիկի գիւտը կ’ընէր իր իսկ հոգիին ամէնէն գաղտնի ծալքերէն ներս։ Եւ սէրը, կրկին, կը թուի ըլլալ հեղինակի վիպական կառոյց-միջավայրին սկզբնատարրը, հէնքը։ Սէրը, անընդհատ ընկալուող իբր գերագոյնը արժէքներէն, բա¬րոյականներուն ամէնէն ցանկալին ու գեղեցիկն է, որուն կը ձգտի ոեւէ ապրող, շնչող էակ։
«Արգելքը» կը պատմէ Սաթիկի սէրերը։ Զուգահեռաբար, եւ ըստ մեր անձնական ընկալման անիկա կը գծէ վիպական կարելի ստեզծագործութեան մը ուղին, Եսայանի համաձայն եւ եսայեանական շեշտ հասկացողութեամբ։ Սաթիկ (թէ՞ Եսայեան Զապէլ), իր իսկ պատմումով, կ՛ապրի հոգե-բնազանցական յեղաշրջում մը։ Հերոսուհին, 228 վիպային էջերու ընթացքին, ցասումի եւ երջանկութեան խառն ու զօրաւոր զգացմամբ մը, պիտի՛ յամառօրէն փնտռէ, իր ընդերքէն ու նաեւ դուրսի իրականութենէն գողնայ, խլէ, ստանձնէ՛ իր անհատականութիւնը, պատկե՛րը։
Միաժամանակ, Սաթիկ չի կրնար ապրիլ սէրը ու չվերադառնալ իր գոյութեան այն բացառիկ եզրին, որ է ըլլալ կին-գրող Զապէլ Եսայեանի բազմազան ու հարուստ պատկերի մէկ ցանկացուած, իրաւ, խօսուն կարելիության նոյնքան բացառիկ արտայայտութիւնը, ձեւը։