"Կը խորհէի միանգամայն թէ ի՜նչ անգնահատելի ոյժ մը, կիրքերու,
սէրերու եւ ատելութեանց բուռն թափ մը կար իմ մէջս անգործ մնացած, կը խորհէի թէ ի՜նչ
կրնայի ըլլալ ես, տարբեր պայմաններու մէջ եւ աւելի ճարտար մարդու մը ձեռքին մէջ
... Կը տեսնէի այն կինը որուն սկզբունքը գոյութիւն ունէր իմ էութեանս տարրերուն մէջ,
շքեղ ու զօրաւոր, կրակի պէս մրրկող, որուն հոգեկան ուժին փարթամութիւնը զարմացում եւ
հիացում պիտի պատճառէր եւ որուն բոլոր հրայրքը դարձած է հիմա իմ իսկ մոլորուած անձիս
դէմ ..."
"Իմ դժբախտ եւ անսէր ամուսնութիւնս զիս կը դնէ անտարակուսելիօրէն
արհամարհելի կնոջ մը դիրքին մէջ ... քանի որ ... առանց սիրոյ եւ առանց համակրանքի
...առանց հոգեկան կամ ֆիզիքական հակումի ... լռէ՛... լռէ՛... մտածումս թող լռէ, որովհետեւ
խոհեր կան զորս պէտք է սպաննել նոյն իսկ իրենց սաղմին մէջ:" (p.12)
Զապէլ Եսայեան, Անձկութեան ժամեր, 1924
No comments:
Post a Comment