Pages

"Literature is not an ornament, a pleasant pastime, a pretty flower. Literature is a weapon to struggle against injustice."
“Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար։ Կինը եկած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար։ Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը։“

Podcast sur France Culture

Friday, November 13, 2026


Նալբանտի թէյատան մէջ որ որդեգրեր ենք եւ դարձուցեր մեր ժամադրավայրը եւ որը կը կոչենք Երեւանի « քառթիէ լաթէն»ը կը գտնենք Շիրվանզատէն, տեղաւորուած խորքի մեծ սեղանին առաջ, թէյի բաժակը՝ դիմացը. կը բոլորուինք իր շուրջը եւ կսկսինք զրոյց ընել։ Անոր դէմքը կը ճառագայթէ բաւականութեամբ եւ կը բաւէ որ եւ է ակնարկում ընել արտասահմանցիներու, որպէսզի իր պատկերաւոր որակումներուն շարքը սկսի։ Իր երկիրը կրկին պիտի հրատարակուին Պետհրատի կողմէ եւ մտադիր է նոր աշխատութիւններու ձեռնարկել։ Իր գլխաւոր նպատակն է սերտ յարաբերութիւն ստեղծել Անդրկովկասեան զանազան ազգերու պատկանող գրողներու միջեւ եւ ոգեւորութեամբ կը հաղորդէ որ վրացի գրողներ մտադրեր են այցելել Հայաստան։ Այդ ժամուն հաւանականէ տեսնել նաեւ Աւետիք Իսահակեանը որ օրուան որ եւ է ժամուն քունէն նոր արթնցածի երեւոյթ ունի, դեռ ապշած լսածներէն ու տեսածներէն։ Անիկա ծանրաքայլ կը յառաջանայ թէյատան մէջ, կը վարանի մէկ կամ միւս սեղանին մօտ եւ վերջ ի վերջոյ աթոռը կը դնէ երկու սեղաններու մէջտեղ։ Միւս սեղանը... ահա Ակսել որ հապճեպով թէյը կառնէ ծրարուած իր խաքի վերարկուին մէջ որովհետեւ շուտով պիտի մեկնի չեմ գիտեր որ շրջան գիւղատնտեսական գործով։


- Զ. Ե., Պրոմեթէոս ազատագրուած, 1928

Զապէլ Եսայանի արխիվային լուսանկար։
Սրճարանի միջավայրը գեղարվեստորեն վերաստեղծված է արհեստական բանականության օգնությամբ։ 


At the Nalbant tearoom – which I have named the “Latin Quarter” and adopted as my temporary headquarters in Yerevan – I find Shirvanzadeh seated at a table with a cup of tea before him. The State Publishing House is about to issue his complete works and he is planning other books. His main project these days, however, is the establishment of close relations with the writers of the Transcaucasian republics. He informs me with some satisfaction that the Georgian writers will be visiting Yerevan soon. Around this time Avedik Issahakian is likely to drop in. Regardless of the time of the day, he gives one the impression of having just risen from bed and is astonished by something he has seen or heard. He trudges into the tearoom, making occasional stops here and there, and at last takes his place between two tables. And there he is, none other than Axel Bakounts, bundled up as always in his Khaki overcoat, taking his tea in a hurry because he is about to leave town on some agronomical errand for I know not what distant district. He explains that he is always pressed for time and that he composes his short stories on horseback as he travels from one village to another and commits them to paper during the short stops in between. His lean and intelligent face is not altogether devoid of a certain mischievous expression. He has just completed writing Hovnatan March, wherein every Armenian of the diaspora may find reflections of himself. He recounts some absorbing and amusing episodes from the book and we have a good laugh together.

- Encounters with authors, Soviet Armenia, winter 1926 (Zabel Yesayan, Prometheus Unchained 1928, translated by Ara Baliozian)

Archival portrait of Zabel Yesayan (early 20th century).
Historical café setting reimagined digitally

Wednesday, November 11, 2026

 


Արեւմտահայ գրականութեան մէջ, կին գրողներու համեմատաբար ճոխ խումբէն տիկին Զապէլ Եսայեանի անունը կը զատուի, դառնալու համար բացառիկ ու արժէքաւոր վկայութիւն մը, իր՝ ինչպէս մեր գրականութեան շնորհներէն։ Նոյն ատեն, այդ անունը կը կապուի բացառիկ ալ յաջողութեան մը, վէպին կալուածէն, իրաւ որքան բացարձակ։ Իր տաղանդը բնորոշելու կանչուած վերադիրը, հոգեբան վիպող՝ մեր մէջ ոչ ոքի համար արդար է այնքան որքան իրեն։ Իրեն չէ անշուշտ պատիւը զայն սկսելու [1] արեւմտահայ գրական արդիւնքին մէջ։ Բայց այդ ձեւ ըմբռնուած վիպելու արուեստ մը իրմով կը ստանայ քաղաքացիական իրաւունք։ Այս յաջողութեան համար չեմ զանցեր բաժինը բնատուր տաղանդին ոչ ալ կը «ճոխացնեմ»։ Բայց կ՚աւելցնեմ թէ իր ապրումները, կեանքէն գտած իր զգայութիւնները (հեշտ թէ դառն, չեն փոխեր արդիւնքը), իր միտքին ու զգայարանքներուն կազմաւորումը, զարգացումը, շրջափոխութիւնը քիչ անգամ նոյնքան հաստատ կերպով նպաստ մը կը բերեն որպէսզի գործն ու գործողը իրերախառնուին, միանան սա հարազատութեամբ ինչպէս է պարագան Տիկին Եսայեանի մեզի ձգած գրական ժառանգութեան ուրկէ կը յառնէ կեանք մը, ամէն բանէ առաջ, կնոջ մը կեանքը, սա երկու դարերու միախառնումին վրայ, քանի մը քաղաքակրթութեանց ազդմունքներուն ընդմէջէն։ Տիկին Տիւսաբի գրականութիւնը պատմութիւնը կը շահագրգռէ ոչ թէ գրականութեան այլ բանի մը, որ յատակ անուն մը չունի այսօր։ /246/ Կնոջ ազատագրութեան պայքարը գաղափարական, ընկերային արարք մըն է ամէն բանէ առաջ։ Վէպի ձեւով մեզի մատուցուիլը այն ատեն պիտի հետաքրքրիր մեզ երբ այդ վէպը ըլլար արուեստի գործ։ Գիտենք թէ տիկինին երեք վէպերը ճապաղ թեզեր են, թերթօնատիպ ու անկենդան։ Ու աւելի տխուրը՝ իր իսկ անձին ձեւազեղծումն է այդ աշխարհին մէջ։ Ու այդ գործը չի բարձրանար գրական կշիռի։ Ուրիշ տաղանդաւոր կին մը, Տիկին Սիպիլ, քիչ չափով մաս ունի իր գործին կենդանի մասին մէջ։ ԱՂՋԿԱՆ ՄԸ ՍԻՐՏԸ վկայութիւն մըն է անշուշտ, բայց անբաւարար։ Չեմ զբաղուիր մեր միւս կին գրողներով, այն պարզ պատճառով որ գրելը անոնց մօտ արդուզարդի, կենցաղագիտութեան, քիչիկ մը փառասիրութեան հանդէս է քան հոգեկան հարկադրանք։ Ու Տիկին Եսայեան մինակն է որ հայ երիտասարդ կինը, հայ մտաւորական կինը ու հայ մայրը մտցուցած է մեր արուեստէն ներս։ Ու յատկանշական պարագայ՝ այդ առաքելութիւնը անիկա կատարած է արուեստի կենդանակերպին տակ։ Իր օրերուն ամբողջ իմաստը ուրիշ ոչ մէկ ակօս է ունեցել։ Վէպին, հոգեբան վէպին մեծ ու միակ գործաւորն է ան մեր մէջ։

- ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ, ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ, Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Զ հատոր. 1945