Pages

"Literature is not an ornament, a pleasant pastime, a pretty flower. Literature is a weapon to struggle against injustice."
“Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար։ Կինը եկած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար։ Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը։“

Podcast sur France Culture

Wednesday, November 11, 2026

 


Արեւմտահայ գրականութեան մէջ, կին գրողներու համեմատաբար ճոխ խումբէն տիկին Զապէլ Եսայեանի անունը կը զատուի, դառնալու համար բացառիկ ու արժէքաւոր վկայութիւն մը, իր՝ ինչպէս մեր գրականութեան շնորհներէն։ Նոյն ատեն, այդ անունը կը կապուի բացառիկ ալ յաջողութեան մը, վէպին կալուածէն, իրաւ որքան բացարձակ։ Իր տաղանդը բնորոշելու կանչուած վերադիրը, հոգեբան վիպող՝ մեր մէջ ոչ ոքի համար արդար է այնքան որքան իրեն։ Իրեն չէ անշուշտ պատիւը զայն սկսելու [1] արեւմտահայ գրական արդիւնքին մէջ։ Բայց այդ ձեւ ըմբռնուած վիպելու արուեստ մը իրմով կը ստանայ քաղաքացիական իրաւունք։ Այս յաջողութեան համար չեմ զանցեր բաժինը բնատուր տաղանդին ոչ ալ կը «ճոխացնեմ»։ Բայց կ՚աւելցնեմ թէ իր ապրումները, կեանքէն գտած իր զգայութիւնները (հեշտ թէ դառն, չեն փոխեր արդիւնքը), իր միտքին ու զգայարանքներուն կազմաւորումը, զարգացումը, շրջափոխութիւնը քիչ անգամ նոյնքան հաստատ կերպով նպաստ մը կը բերեն որպէսզի գործն ու գործողը իրերախառնուին, միանան սա հարազատութեամբ ինչպէս է պարագան Տիկին Եսայեանի մեզի ձգած գրական ժառանգութեան ուրկէ կը յառնէ կեանք մը, ամէն բանէ առաջ, կնոջ մը կեանքը, սա երկու դարերու միախառնումին վրայ, քանի մը քաղաքակրթութեանց ազդմունքներուն ընդմէջէն։ Տիկին Տիւսաբի գրականութիւնը պատմութիւնը կը շահագրգռէ ոչ թէ գրականութեան այլ բանի մը, որ յատակ անուն մը չունի այսօր։ /246/ Կնոջ ազատագրութեան պայքարը գաղափարական, ընկերային արարք մըն է ամէն բանէ առաջ։ Վէպի ձեւով մեզի մատուցուիլը այն ատեն պիտի հետաքրքրիր մեզ երբ այդ վէպը ըլլար արուեստի գործ։ Գիտենք թէ տիկինին երեք վէպերը ճապաղ թեզեր են, թերթօնատիպ ու անկենդան։ Ու աւելի տխուրը՝ իր իսկ անձին ձեւազեղծումն է այդ աշխարհին մէջ։ Ու այդ գործը չի բարձրանար գրական կշիռի։ Ուրիշ տաղանդաւոր կին մը, Տիկին Սիպիլ, քիչ չափով մաս ունի իր գործին կենդանի մասին մէջ։ ԱՂՋԿԱՆ ՄԸ ՍԻՐՏԸ վկայութիւն մըն է անշուշտ, բայց անբաւարար։ Չեմ զբաղուիր մեր միւս կին գրողներով, այն պարզ պատճառով որ գրելը անոնց մօտ արդուզարդի, կենցաղագիտութեան, քիչիկ մը փառասիրութեան հանդէս է քան հոգեկան հարկադրանք։ Ու Տիկին Եսայեան մինակն է որ հայ երիտասարդ կինը, հայ մտաւորական կինը ու հայ մայրը մտցուցած է մեր արուեստէն ներս։ Ու յատկանշական պարագայ՝ այդ առաքելութիւնը անիկա կատարած է արուեստի կենդանակերպին տակ։ Իր օրերուն ամբողջ իմաստը ուրիշ ոչ մէկ ակօս է ունեցել։ Վէպին, հոգեբան վէպին մեծ ու միակ գործաւորն է ան մեր մէջ։

- ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ, ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ, Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Զ հատոր. 1945

No comments:

Post a Comment